2014-12-27 09:21:20

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` բազմանդամ ընտանիքներուն հետ հանդիպում ։


(Ռ.Վ. 27 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի, 28 դեկտեմբեր 2014ին, Սուրբ Ընտանիքին ծիսական տօնին օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն կը շնորհէ 7000 բազմանդամ ընտանիքներուն ու ապա կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։
Յայտնենք թէ ընտանիքներու հետ վերոյիշեալ հանդիպումը կը զուգադիպի ընտանիքի մասին, անցեալ հոկտեմբերին տեղի ունեցած եպիսկոպոսական արտակարգ սիւնհոդոսի ծիրէն ներս եւ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող` 4 – 25 հոկտեմբեր 2015, վատիկանի մէջ նախատեսուած եպիսկոպոսական ժԴ սովորական սիւնհոդոսի նախօրեակին` որուն նիւթն է '' Ընտանիքի կոչումն ու առաքելութիւնը եկեղեցւոյ եւ ժամանակակից աշխարհին մէջ'' եւ որուն նախապատրաստական հարցարանը ուղարկուեցաւ եկեղեցիներուն, որպէսզի անոնց պատասխաններու հիման վրայ շարադրուի վերոյիշեալ սիւնհոդոսի ''աշխատանքային թղթածրարը''։
Յայտնենք նաեւ թէ այս առթիւ բոլոր եպիսկոպոսական դասերուն հրաւէր ուղղուած է` սիւնհոդոսական ուղեւորութիւնը պատրաստել, իրենց թեմերէն ներս կազմակերպելով աղօթքի եւ ամփոփումի պահեր, յատկապէս 28 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիքի Տօնին առթիւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.